Կախարդական ցուցափեղկը

Կախարդական ցուցափեղկը

Անի Կարմիրեան

Կախարդական աշխարհ մը՝ մեր փողոցին անկիւնը…

Ուրախութեամբ կը ներկայացնենք մեր նորագոյն հրատարակութիւնը՝ Անի Կարմիրեանի հեղինակած «Կախարդական ցուցափեղկը» մանկական պատկերագիրքը:

Գիրքը մեզ կը տանի դէպի «Բուրաստան» խաղալիքի խանութը, ուր կը բնակի դեղին փիղ մը՝ Փիլա Հաթին: Ան պարզ խաղալիք մը չէ. Հնդկաստանէն եկած իշխանուհի մըն է, որ կը կարօտնայ իր հեռաւոր տունը: Պատմութիւնը կը ծաւալի մեր աչքին առջեւը՝ երեխային եւ փիղին միջեւ ծնունդ առած բարեկամութեան շուրջ, ցուցափեղկին մէկ կողմէն միւսը:

Մարալ Քերովբեանի հիանալի նկարազարդումները կը կենդանացնեն այս զգայուն պատմութիւնը:

«Պատմածները քանի որ միայն ես կը լսէի, արցունքները մէկ առ մէկ միայն ես կը տեսնէի…»

Այս գեղեցիկ հրատարակութիւնը արդէն պատրաստ է գրաւելու թէ՛ երեխաներուն եւ թէ՛ չափահասներուն սիրտերը:

Նկարազարդում
Մարալ Քերովբեան
Հրատարակիչ
Արաս Հրատարակչութիւն
Թուական
Դեկտեմբեր 2025
Էջ
32
ISBN
9786257460811