ժողովուրդ մը կար

Անի Կարմիրեան

ժողովուրդ մը կար
կար ու չկար
ժողովուրդ մը կար
այդ ժողովուրդը
իւրայատուկ էր
ուրիշ ժողովուրդներու
բնաւ չէր նմաներ
քանի որ
ամէն անդամ
լեզուաբան էր
թարգմանիչ էր
սրբագրիչ էր
ստուգիչ էր
վերստուգիչ էր
ճիշդն ու սխալը
զանազանել գիտէր

եւ քանի որ
ամէն անդամ
լեզուաբան էր
թարգմանիչ էր
սրբագրիչ էր
ստուգիչ էր
վերստուգիչ էր
ճիշդն ու սխալը
զանազանել գիտէր
տեսնուած բան չէ
մի ըսէք
հազիւ երկու անդամ
միասին խօսէին
մէկը միւսին ըսածը
մէկ շունչով
մեծ խանդով
այս բառը ասանկ սխալ է
այդ բառը ատանկ սխալ է
կը սրբագրէր

իսկ եթէ յանկարծ
դիմացի մայթէն
մէկը տեսնէր զիրենք
լսուած բան չէ
մի ըսէք
կը վազէր
կը հասնէր օգնութեան
երկուքին ալ ըսածները
մէկ շունչով
մեծ խանդով
կը սրբագրէր

չէ որ ամէն անդամ
լեզուաբան էր
թարգմանիչ էր
սրբագրիչ էր
ստուգիչ էր
վերստուգիչ էր
ճիշդն ու սխալը
զանազանել գիտէր
ըլլալիք բան չէ
մի ըսէք
եթէ մէկը
երկտող մը գրէր
միւսը կը սրբագրէր

իսկ եթէ յանկարծ
այդ անդամը
ճամբան շուարէր
իր երկտողը
հրատարակելու ելլէր
ամէն անդամ
ըսելիք ունէր
գրողին
հոգին կը հանէր
կեանքը կը հարամէր

իսկ վայ եթէ
չստիկ մը ըլլար
համարձակողը
տող մը գրելու

կարելի բան չէ
մի ըսէք
ամէն անդամ
ուսուցիչ կը կտրէր
կարմիր մատիտը
վայրկեանին կը յայտնուէր
ձեռքը առնողը
տողը գրողին
մուխը կը մարէր

հասկնալի է չէ որ
այդ իւրայատուկ
ժողովուրդին
ազգային մարզանքը
զիրար սրբագրել էր

եկէք
այս տողերը
խաղի ատաղձ
թող ըլլան
լուր չունէի
մի ըսէք

ուրեմն հիմա
կարմիր մատիտը
առնողը
հրաւիրուած է
հաճոյքով
մէկ շունչով
մեծ խանդով
խմբագրելու
արդուկելու
ջնջելու
կէտադրելու
սրբագրելու
կարճ խօսքով
իր ազգային
մարզանքը
կուշտ ու կուռ
վայելելու

ժողովուրդ մը կար
մէկ շունչով