երեխան լեզուաբան է
ի ծնէ
բնական օրէնք է աս
հազիւ ծնի
արդէն իսկ
լեզուով
խաղալ կը սկսի
ինչ որ լսէ
ինչ որ տեսնէ
կը քաղէ
ինչ որ լսէ
ինչ որ տեսնէ
կը քննէ
ինչ որ լսէ
ինչ որ տեսնէ
կը ծծէ
ձայն
պատկեր
իմաստ
կը բաղդատէ
կրկին կրկին
մէկը միւսին
կը կապէ
կրկին կրկին
մէկը միւսէն
կը զատէ
յղացական
հնչիւնային
ընկերային
ինչ կայ չկայ
մէկիկ մէկիկ
կը վերլուծէ
մէկիկ մէկիկ
կը փորձէ
մինչեւ լուծէ
իւրացնէ
լեզուն իրը դարձնէ
եւ չէ՞ որ խտրութեան
դեռ ծանօթ չէ
լեզուին անունը
ոչ իսկ կարեւոր է
լեզուն լեզու է
մերժելը
լսուած բան չէ
ինչ որ լսէ
ինչ որ տեսնէ
գրկաբաց ընդունելու
միշտ պատրաստ է
մաս կազմելու սիրոյն
հաղորդակցելու սիրոյն
հասկցուելու սիրոյն
դուրս չմնալու սիրոյն
սիրուելու սիրոյն
երբեմն ալ
ինչո՞ւ չէ
իրմէ գաղտնի
խօսուած լեզուին
գաղտնիքները
քակելու սիրոյն
եւ չէ՞ որ բնական օրէնք է աս
մեծերը շուրջի
ոչ ուսուցիչ կը կտրին
ոչ ալ քննիչ
ինչ որ ըսէ
հիանալի է
ինչ որ հնարէ
հրաշալի է
ծուռ է շիտակ է
այդ ինչ խօսք
տունով տեղով կ՚ընդունուի
դուռ դրացի կը տեղեկացուի
բոլորին կողմէ կ՚որդեգրուի
աչքդ բաց գոցէ
օրը կու գայ
լեզու կ՚ելլէ երեխան
երջանկութիւն
հպարտութիւն
բերելով
իր աշխարհին
լեզու ելլելը
լեզու ելլողին
ձեռագործն է
բնական օրէնք է աս
19 Սեպտեմբեր 2026
երեխան լեզուաբան է